Discover millions of ebooks, audiobooks, and so much more with a free trial

Only $11.99/month after trial. Cancel anytime.

Անձրեւ
Անձրեւ
Անձրեւ
Ebook393 pages4 hours

Անձրեւ

Rating: 5 out of 5 stars

5/5

()

Read preview

About this ebook

Համաստեղ ամենէն տիրական դէմքն է պատմուածքին՝ 1920-1970 յիսնամեակի արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Անոր գործերուն մէջ կը պատկերանայ Հայ Գիւղը, իր գոյներու, համ ու բուրմունքի ամբողջական երանգապնակով:

LanguageՀայերեն լեզու
Release dateApr 6, 2019
ISBN9780463736210
Անձրեւ

Related to Անձրեւ

Related ebooks

Reviews for Անձրեւ

Rating: 5 out of 5 stars
5/5

2 ratings0 reviews

What did you think?

Tap to rate

Review must be at least 10 words

    Book preview

    Անձրեւ - Համաստեղ

    Համաստեղ

    ԱՆՁՐԵՒ

    պատմուածքներ

    Երեւան — 2019

    ՀՏԴ 821.19֊32 Համաստեղ

    ԳՄԴ 84(5Հ)֊44

    Համաստեղ

    Անձրեւ։ [Պատմուածքներ] / Համաստեղ։ Ելեկտրօնային տարբերակը հրատարակութեան պատրաստեց Մ. Եաւրումեան, տառատեսակ՝ Ռ. Թարումեան (Արիան Գրքի).— Եր.։ Եաւրուհրատ, 2019.— 269 էջ։ Վերցուած է՝ Անձրեւը: [Պատմուածքներ] / Համաստեղ; Խմբ.՝ Զ. Գազանճեան.— Վենետիկ, Ս. Ղազար: Մխիթարեան հրատ., 1996.— 104 էջ: 1 թ. դիմանկ.; 17 սմ։ Հրատարակութեան թուանշային տարբերակը՝ Հայ Մատենագրութեան Թուանշային Գրադարան։

    Համաստեղ ամենէն տիրական դէմքն է պատմուածքին՝ 1920-1970 յիսնամեակի արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Անոր գործերուն մէջ կը պատկերանայ Հայ Գիւղը, իր գոյներու, համ ու բուրմունքի ամբողջական երանգապնակով:

    ԳՄԴ 84(5Հ)֊44

    eISBN 978-0463-7-3621-0

    © Համաստեղ, 1929

    © Հայ Մատենագրութեան Թուանշային Գրադարան

    © Եաւրուհրատ, 2019 (հրատ.)

    Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են:

    Այս հրատարակութեան ցանկացած ձեւով եւ եղանակով (ելեկտրօնային, մեխանիկական, պատճէնահանման, ձայնագրման եւ այլն) մասնակի կամ ամբողջական վերարտադրութիւնը, տարածումը, պահպանումը որոնողական համակարգերու մէջ առանց հրատարակչի գրաւոր թոյլտուութեան արգիլուած է:

    Այս գիրքը արտօնուած է միայն անհատական ելեկտրօնային սարքերու մէջ ընթերցելու համար:

    Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան), 1895-1966

    ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

    Հրատարակութեան մասին

    Անձրեւը

    Աղջի Եղսիկ

    Կապոյտ հուլունքը

    Չամչով կարկանդակ

    Տունը

    Փեսայ Օվան

    Թափառաշրջիկի մը օրագրէն

    Համբոյրը

    Պուպրիկը

    Չոպան լեռան հէքեաթը

    Սիմօն ու Կիրօ

    Զրոյց շունի մը հետ

    ԱՆՁՐԵՒԸ

    I

    Ամէն անգամ, որ ամպերը կ՚անցնէին, հովը տանիքներէն չորցած խոտի տերեւներ վար կը ձգէր ու սուրբ Օհանի լիճը կը յուզէր, ես կը յիշէի Գանձակ Պարսամին դիմագիծը։ Անոր դէմքին վրայ ալ հով կար. ահա թէ ինչո՞ւ ճակատը միշտ փոթփոթ էր, քթին վերի մասը սոթթուած, միշտ փռնգտալու դիրքին մէջ էր, սակայն չէր փռնգտար։ Աչքերու կոպերը ծանրութենէն աւելի վար կախուած էին, կարծես ոսկերիչի մը անյաջող մէկ գործն ըլլային։ Կ՚ըսէին, որ Գանձակ Պարսամ իշու ականջով լիք ոսկի ունի, որ Գանձակ Պարսամին մեծ հայրը Սեւ ծովն է անցեր ու գիւղի Ս. Բարթող եկեղեցիի շինութեան ատեն ցոյց տուած է ճարտարապետական արտակարգ կարողութիւն։

    Գանձակ Պարսամ կը պատմէր, որ եկեղեցիի երգեցողութիւններու այդքան հնչուն արձագանգը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իր մեծ հօր՝ այն հին մեռելին, ճարտարապետական տաղանդին մէկ նմուշը. պատերուն մէջ ինչ որ անիմանալի բաներ դրած է...

    Թերեւս այդ էր պատճառը, որ Գանձակ Պարսամի տան մէջ քաղքենի թեթեւ շունչ մը կար։ Կրակտունէն ու չարտախէն զատ՝ ունէր իր հիւրանոցը, ուր հիւրերուն, փոխանակ գինիի կամ օղիի, կապոյտ գաւաթներով սուրճ կը հրամցնէր։

    Գանձակ Պարսամ արախչին բարակ կը կապէր. կը սիրէր ձիթաիւղով պատրաստուած սալադ եւ ունէր տամա խաղալու առանձին հետաքրքրութիւն։

    Կը պատմէին, որ Ուստա Զաքարէն շատ առաջ, առաջին անգամ գիւղի մէջ խանութ բացողը Գանձակ Պարսամն է եղած։ Բերած է մի քանի տուփ լուցկի, աղ, օճառ, կապ, բահ, քարիւղ, խոփ, գամ, ծխախոտ, դպրոցական առարկաներ, գրչակոթ, քարետախտակ, կաւիճ, ձուկի ձեւ ունեցող գրչածայրեր, եւ այլն ու սկսած է առեւտուրի։ Խանութը իր տան մէջն էր եւ գիւղին այն մասն էր, ուրկէ կը սկսէր կալերու ճամբան։

    Ամէն առաւօտ, երբ գիւղը շէն աղմուկի մէջ էր ու գիւղացիները եզներուն հետ դաշտի աշխատանքի կը լծուէին, Գանձակ Պարսամ խանութին տառապաները կը բանար, մօտի աղբիւրէն փոքրիկ փարչով ջուր կը բերէր, օճառները իրարու վրայ կը շարէր ու կը յիշէր, որ երէկ՝ Թորիկ Ղուկասի հետ տամա խաղցած պահուն, փոխանակ մէկ քարի՝ երկու քար տուած է։

    Տեսնես, փոքրիկ աղջիկ մը ներս մտաւ՝ քարիւղի ամանը ձեռքին։

    — Մայրիկս ըսաց, որ փարան վաղը կուտանք։

    — Մայրիկդ ինտո՞ր է,— կը խօսէր՝ միեւնոյն ատեն քարիւղ լեցնելով։— Նամակ կ՚առնէ՞ք։ Էսքան ատեն ի՞նչ կը վառէիք։ Թամամ 15 օր է՝ գազեաղի չէք առեր։ Եավաշ, խէվի բռնէ, որ չթափես։ Մայրիկիդ ըսէ, Ամերիկայէն գալած դրամները ի՞նչ կ՚ընէ,— կը խօսէր, կը կատակէր՝ իր փոքրիկ յաճախորդը ճամբու դնելով։

    Գիւղը հետզհետէ կը դատարկուէր։ Տեսնես, կօշկակարը դուրս կ՚ելլէր իր խանութէն, երկաթէ իլիկով լար կը շինէր, ոլոր կուտար ու կը մօտենար Գանձակ Պարսամի խանութին։

    — Երէկ քաղաք գացե՞ր էիր։ Ցորենը քանիի՞ կ՚երթայ։

    — Ցորենին չմօտեցուիր, Փարսեխ, Սուլթան Սէյլիմի օրէն մնացած ոսկիները հիմա մէյտան են. արինի գին է, արինի գին։

    Կօշկակարը լարին վրայ մեղրամոմ կը քսէր, Գանձակ Պարսամ կապերուն վրայ թառած ճանճերը կը քշէր, մինչ հեռուէն կը լսուէր Ուստա Զաքարի սղոցի ձայնը՝ խըրզ, խը՜րզ, խը՜րզ...

    Դիմացի արեւը գետին ինկաւ, շուն մը ձանձրոյթէն իր դունչը ներս երկարեց ու անցաւ։ Գանձակ Պարսամ վար կ՚առնէր մայր տոմարը, ակնոցները կը դնէր, ապառիկներուն վրայ աչք կը պտտցնէր ու, գրիչը շատ կամաց շարժելով, միջատի ոտքի ձեւ բարակ հին ձեռագրով կ՚արձանագրէր նոր ապառիկ մը. «Ակօենց Եղսիկին՝ մէկ լօֆ սապոն — 40 փարայ»։

    Օրուայ այն ժամանակն էր, երբ մօտ 75 տարեկան Կարօ Թաթօն, դողդղան մարմնով ձեռնափայտին վրայ ծռելէն, Գանձակ Պարսամի խանութի պատին ներքեւ արեւը կ՚ելլէր։

    — Ղուկասը ուր է, ուր չէ կուգայ հիմա։ Էրէկ էդ քարը չպէտք էր վերցնէիր, չէ, էդ սխալ էր,— կը շարունակէր՝ դողդղան ձեռքով չպուխը լեցնելով։

    Ամէն անգամ, որ Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս տամայի խաղի սկսէին, անոնց մօտ կը նստէր ծերուկը ու բերանը բաց կը դիտէր լուռ։ Երբեմն միայն քըր-քըր կը խնդար, երբ տամա կտրելու վտանգ մը տեսնէր, երբ մէկը թակարդի մէջ իյնար եւ կամ սխալ քար մը վերցնէր։ Ոչինչ կը խօսէր. յաջորդ օր միայն կ՚ընէր իր դիտողութիւնը։

    — Չէ, չէ, էդ քարը չպէտք էր վերցնէիր։

    Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս իրարու շատ լաւ բարեկամներ էին։ Օր չէր անցներ, որ իրարու մօտ չգային ու տամա խաղալու հաճոյքը չապրէին։ Թորիկ Ղուկաս հպարտ էր Գանձակ Պարսամի պէս բարեկամ մը ունենալուն համար։ Թորիկ Ղուկաս միւս րէնճպէրներուն պէս շատ զբաղուած չէր։ Գիշերը ցորեկին խառնելու չափ գործ չունէր։ Ունէր երեք արտ, երկու եզ, մէկ կին եւ մէկ աչք. ահա բոլորը։ Ամէն անգամ, որ արտին մէջ թումբ մը շինէր կամ կաւառ մը շտկէր, միտքը կ՚իյնար Գանձակ Պարսամը, խանութին զովութիւնն ու տաման։ Տամային քարերը աչք, քիթ, բերան կ՚առնէին։ Թորիկ Ղուկաս կը սրբէր քրտինքը, բահը ուսին կը նետէր ու ուղիղ գիւղ կուգար։

    Լուռ էր գիւղը։ Երբեմն միայն Ուստա Զաքարի սղոցին ու աքաղաղներու ձայները կը լսուէին։ Լուռ էին նաեւ տամա խաղցողները, ու միայն ծերուկի կակուղ խնդուքը կը խզէր լռութիւնը տամա խաղցողներուն։ Հեղ մըն ալ տեսնես, փոթորկի պէս, սպիտակ սրունքներն ու թեւերը սոթթած, երեսը քրտինքով կարմրած, ներս կը մտնէր Խաթունիկ պաճին։

    — Մուրս գլուխնուդ, կալը կուտը, փստիկին հարսնիքը։ Նստեր՝ տամա կը խաղան։ Դէ՛հ, հայտէ, լօֆ մը սապոն տուր՝ տանիմ. ամպերը ելան, լուացքս չորցնեմ, քանի անձրեւ եկած չէ։

    Գանձակ Պարսամ, տամայի հաշիւներով զբաղուած, կուտար մէկ լօֆ օճառը։ Խաթունիկ պաճին կը հեռանար՝ փոթորիկի պէս, այնպէս, ինչպէս եկած էր։ Ծերունի Կարօն շատ կարճ նայուածք մը կը ձգէր Խաթունիկ պաճուն լեցուն միսերով կռնակին ետեւ ու ուշադրութիւնը նորէն տամային կը դարձնէր։

    — Ա՛ռ, էս քարը։

    — Առի։

    — Հիմա մէկ, երկու, երեք, էսի տամա։

    II

    Գարունի առաջին օրերն էին. գիւղը եռուզեռի մէջ էր։ Գոմէշներուն ու եզներուն երկար-երկար թարթիչներով աչքերուն մէջ գարունի կանաչ հորիզոն մը կը լայննար։ Դաշտի աշխատանքներու առաջին պահերն էին։ Արեւն անոնց աչքերուն մէջ կը ծագէր ու հոն կը մարէր։

    Ահա թէ ինչպէս գործի կը սկսէին ու գործէն կուգային. եւ իրիկուն ու առտու կ՚ըլլար։

    Լայն-լայն բացուած դռներէն դուրս կուգային ընճուղները՝ պարարտ դնդերներով։ Այդ օրերուն Թորիկ Ղուկասն ալ դուրս կը հանէր իր երկու եզները՝ Տողանն ու Տիքքոն։

    Տողանը մոխրագոյն ծանր եզ մըն էր՝ ականջին ծայրէն մաս մը կտրուած, կոտոշները կարճ։ Գարաճա լեռան եզներէն էր՝ երկու տարի առաջ հինգ ոսկիով գնուած։ Տողանը, թէեւ ծանր ու շատակեր էր, սակայն յարատեւ աշխատող մըն էր։ Թորիկ Ղուկաս յաճախ կը գանգատէր, թէ մարագին յարդը Տողանը հատցուց։ Երբ մարագէն դուրս կ՚ելլէր՝ տոպրակով յարդ շալկած, Տողանը անմիջապէս ոտքերու վրայ կ՚ելլէր, ետեւ կը նայէր։ Յարդն անոր առջեւ կը թափուէր թէ չէ, ցռուկը յարդին մէջ կը թաղէր ու ալ դուրս չէր հաներ։

    «Էհ, ոչինչ,— Թորիկ Ղուկաս կը մտածէր յաճախ,— ինք կը վաստկէ, ինք կ՚ուտէ»։

    Թորիկը մտահոգ ընողը Տողանը չէր, այլ Տիքքոն։ Տիքքոն այդ ձմեռ աւելի ծանրացեր էր. ոտքերու վրայ շատ ծանր կ՚ելլէր։ Երեք օրը մսուր մը յարդ հազիւ կ՚ուտէր։ Ոսկորները ցցուեր էին, աչքերը՝ աղօտ այնպէս, ինչպէս արեւմարէն յետոյ դաշտերուն վրայ կապտորակ մութ մը կուգայ ու իրիկուն կ՚ըլլայ։ Երբ ոտքերու վրայ կ՚ելլէր, ամբողջ մարմնով, պահ-պահ ետ առաջ կ՚օրօրուէր ու այլեւս ետեւ նայելու սիրտ չէր ըներ։

    Թորիկ Ղուկաս գիտէր, որ Տիքքոն այլեւս ծերացեր է։ Այն նեղ օրերուն ինչպէ՜ս ընէր։ Այդ տարի բամբակները շատ աժան ծախուեցան։ Տան ճեղքուած պատը նորոգել տալու համար երեք ոսկի տուաւ։ Եթէ Թորիկ Ղուկասի ձեռքը նեղ չըլլար, այդ տարին մտադրած էր թէ՛ եզ մը առնել եւ թէ՛ խաչը ջուրը ձգելուն կնքահայր ըլլալ։

    Թորիկ Ղուկաս սպասեց, մինչեւ որ գարունը բացուի։ Նոր կանանչներուն ու նոր արեւին հետ թերեւս Տիքքոն հաւաքէր ինքզինք, աչքերու մթութեան մէջ նորէն բռնկէր կանանչութիւնը դաշտերուն։ Եթէ այս տարին ալ Տիքքոյի օգնութիւնով իր գործը գլխէր, յառաջիկայ տարին, Աստուած ողորմած է։ Ցորեն, բամպակ կը ծախէր, նոր եզ մը կ՚առնէր ու Տիքքոն այլեւս իր հալին կը ձգէր։

    Գարնան առաջին օրերուն Թորիկ Ղուկասն ալ արօրը դուրս հանեց։ Տեսաւ, որ մաճը թուլցեր էր. մի քանի գամերով ժրեցուց։ Խոփն ամբողջ ձմեռ փաս էր կապեր ու ախոռ գնաց՝ եզները դուրս հանելու համար։ Թորիկ Ղուկասի ուշադրութիւնը Տիքքոյի վրայ էր. թէ ինչպէ՜ս կը շարժէր, գլուխը ինչպէ՜ս կը բռնէր, ոտքերն ինչպէ՜ս կը դնէր։ Տան դռնէն դուրս հանած պահուն ոտքը սեմին դպաւ, ու քիչ մնաց ամբողջ մարմնով գետին իյնար։ Տիքքոն փողոցին մէջտեղ կեցած էր. գոց-դեղնագոյն մորթով, կարծես տախտակներով շինուած՝ ուստա Զաքարի ձեռագործն ըլլար։

    Չորս կողմէն րէնճպերներ լուծքի կ՚երթային, իրարու ձայն կուտային. ուրախ էին, ուրախ։ Միայն Թորիկ Ղուկասի սիրտն էր մութ՝ ծերացած Տիքքոյի աչքերուն պէս։ Խէրով բարով այս տարի իր գործը գլխէր...

    — Մաքօ, հէյ Մաքօ, գետինը մտնես,— սրտնեղած պոռաց իր կնոջ։— Հայտէ ալ ինչի՞ կը սպասես։ Արեւը պորտի վրա՞յ գայ։ Երեք սըհաթ է՝ հացին ծրարը կը կապես։

    — Մէրս քորս, ինչ երեք սըհաթ, տահա եզներուդ սամիները չես կապեր,— տրտնջաց կինը՝ հացին ծրարը տալով։

    — Էս նեղութեանս ատենը, լեզուդ կարճ կ՚ընե՞ս, թէ չէ...

    Պոռպռտուքի ու հայհոյութիւններու տեղի չտալու համար կինը լեզուն իրեն քաշեց։ Ամօթ չէ՞ դրացիներուն առջեւ։

    Թորիկ Ղուկաս Հողդարին արտը վարելու համար եզներուն հետ ճամբայ ինկաւ։ Արեւը դեռ ծագած չէր, սակայն արեւելեան հորիզոնին վրայ, կ՚ըսես, ցորենի չոր խուրձերով լեցուն կալ մը ամբողջ հրդեհ էր առեր։ Լեռներու կապտորակ փէշերուն վրայ գծագրուած կը տեսնուէին նկարները եզներուն ու մշակներուն։ Մշակները կը շտկէին արօրները, խոփերը կ՚անցնէին, որ արեւին առաջ գործի սկսէին։

    Արեւը կը ցաթէր ու հետզհետէ կը փոխէր պաստառի գոյնը նկարներուն։ Հողդարի ճամբայէն կ՚անցնէր Թորիկ Ղուկաս իր Տողանով ու Տիքքոյով։ Արեւը Տիքքոյին ստուերը մինչեւ դիմացի հորիզոնին վրայ նետեց։ Ա՜խ, որքա՜ն այլանդակ կ՚երեւէր անոր ստուերը։ Լեռան մը չափ հսկայ զանգուածով, կռնակին օղակ-օղակ ոսկորները երկնցուած ձողի մը պէս կ՚երեւէին։

    Ամէն տեղ գարուն էր, միայն Հողդարի ճամբայէն էր, որ, կարծես, աշունը կ՚անցնէր։ Թորիկ Ղուկաս արտին վրայ էր։ «Եա Աստուած»,— ըսաւ ու սեղմեց մաճը։ Տողանը սկսաւ քաշել, Տիքքոն հետեւեցաւ, ու քաշեցին արօրը արտին երկայնքն ի վար։

    Արեւը ակօսի մը բարձրութիւնով ելած էր։ Կապուտիկ ճանճեր, իրարու ետեւէ, եզներուն ականջներուն կը բզզային ու կը հեռանային։ Թորիկ Ղուկաս նկատեց, որ Տիքքոն հետզհետէ կը դանդաղէր. արօրի ամբողջ ծանրութիւնը Տողանի վրայ ինկած էր։ Մի քանի անգամ մխտեց մասայով, սակայն Տիքքոն աւելի ծանրացաւ։ Թորիկ Ղուկաս կեցուց լուծքը, որովհետեւ Տիքքոյի մարմինը երկրաշարժէն օրօրուող լեռան մը պէս ետ առաջ կ՚երթար։ Չպուխը հանեց ու մտահոգ մի քիչ հեռու թումբի մը վրայ նստեցաւ։

    Ուրիշներ ամբողջ արտ մը հերկեցին, սակայն ինք ութը ակօս հազիւ ձգած էր։ Էհ, ինչ ընէր, աղքատութիւն է։ Այս տարի, եթէ կարենար Տողանին հետ ճահիլ եզ մը լծել...

    Թորիկ Ղուկաս փորձ մը եւս ուզեց ընել. մաճը շատ թեթեւ սեղմեց, հոգ չէ, թո՛ղ արտը վարուի՝ քիչ մըն ալ երես թող վարուի։ Մաճը շտկեց թէ չէ, հեղ մըն ալ տեսնես Տիքքոն ամբողջ մարմնով վարուած ակօսներուն վրայ ինկաւ։

    Թորիկ Ղուկաս իրար անցաւ, սամիները անմիջապէս քակեց վզէն ու ի զուր փորձեց ոտքի հանել՝ ջուր խմցնելու ու ծառին շուքը հանգիստ տալու համար։ Միջօրէի բարկը հետզհետէ կը ծանրանար, եւ աւելի կը ծանրանար հեւուքը Տիքքոյին։

    Թորիկ Ղուկաս ուսին վրայ առաւ արօրը, Տիքքոն ալ կէս վարուած արտին մէջ թողուց եւ ուղիղ գիւղ մտաւ իր մէկ եզով։ Ճամբան մտածեց իր բարեկամին՝ Գանձակ Պարսամին բանալ իր ցաւը։

    — Բարեւ Ղուկաս, էսպէս շուտ...

    — Չես հարցներ, թէ ի՞նչ հալի եմ,— պատասխանեց՝ արօրը ուսէն վար առնելով ու պատն ի վեր երկնցնելով։— Էսօր Տիքքոն՝ մեծ եզը, արօրին տակ ինկաւ։ Էհ, ինտոր ընես գարունի ատեն, գործի ատեն. մէկ եզով ինտո՛ր ընես։ Որ էշ մը ունենայի, Տողանին հետ կը լծէի. մինչեւ կալ որ ձգէի, ալ Աստուած ողորմած է...

    — Հոգ մի ըներ, Ղուկաս, ջանդ սաղ թող կենայ, եկ սանկ տամա մը խաղանք։

    Թորիկ Ղուկաս ո՛չ տուն երթալու սիրտ ունէր, ո՛չ ալ տամա խաղալու։ Գանձակ Պարսամ մէկ կողմէն կը շարէր տամային քարերը...

    Թորիկ Ղուկաս կ՚ուզէր առանձին խօսիլ Պարսամին, քանի ծերուկը չէր եկեր։

    — Վերցուր քարդ, հիմա, մէկ երկու...

    — Պարսամ,— խօսեցաւ վերջապէս Ղուկաս,— քեզի որ չըսեմ, ալ որո՞ւ ըսեմ. իշտէ կ՚երեւայ հալս։ Էս տարի բամբակներէն բան դուրս չեկաւ։

    Պարսամ տամայի վրայ կը նայէր, հաշիւներ կ՚ընէր միեւնոյն ատեն՝ ականջին մէկը Թորիկ Ղուկասին ծռած։

    — Պարսամ, որ կրնաս ձեռք մը երկնցուր ինծի, ճահիլ եզ մը առնեմ։ Հինգ ոսկի փոխ դրամ որ տաս, ես քեզի կալին էվէլն էվէլոք կը վճարեմ։

    Թորիկ Ղուկաս լուրջ էր։ Ահա թէ ինչո՞ւ Գանձակ Պարսամի դէմքին խաղաղութիւնը ալիքուեցաւ յանկարծ, յօնքերուն հետ ծանր կոպերը վեր ելան, ճակատն աւելի փոթփոթեցաւ. տամայի վրայէն վերցուց գլուխն ու մտածեց պահ մը, թէ Թորիկ Ղուկաս պարտքի տակ մնացող մարդ չէ, թէ լաւ տոկոսով, կրնար հինգ ոսկի տալ։ Հակառակ պարագային՝ գիտէր, որ Կարմուճին արտը ուղղակի Թորիկ Ղուկասի անունին վրայ է. կամ Կարմուճին արտը եւ կամ եզները ծախել կուտար ու կը գանձէր իր դրամը։

    — Լաւ կ՚ըլլի, Ղուկաս. քեզ պէս բարեկամին չի տամ՝ ալ որո՞ւ տամ։ Հինգ ոսկի կուտամ այս նեղ սրային՝ գործդ տես։ Ես քեզի ըսեմ, դուն լաւ մարդ ես. ֆախաթ, մարդ ըսածդ՝ հում կաթ է կերեր. ո՜վ գիտէ, ի՜նչ կ՚ըլլի, ինչ չըլլիր։ Դրամ ըսածդ օձին բերանն է դրուեր. վաստկելը հեշտ բան չէ։ Երկու վկայի ստորագրութիւնով սէնէդ կ՚ընենք. ոսկիին՝ ամիսը հարիւր փարա տոկոսով, նէ՛ էվէլ, նէ՛ պակաս։ Կալին ցորենդ կը ծախես ու դրամս կուտաս տոկոսով միասին։

    — Էդ լաւ ըսիր, Պարսամ. գիր, սէնէդ կ՚ընենք, կ՚ուզես, երեք վկայով։ Թորիկ Ղուկասին հոգին որ ելլէ, կինէ էդ դրամը էվէլն էվէլոք կը վճարէ։ Էդ թարաֆէն ճակատս բաց է, Պարսամ։ Էս տարի Կարմուճին ու Հողդարին արտերը ցորեն պիտի ցանեմ. Մարխոնին ալ բամպակ։ Ես քու պարտքդ բամպակին չեմ ձգեր։

    Յաջորդ օրը, երեք վկայի

    Enjoying the preview?
    Page 1 of 1